2015-12-02 10:14:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը` Ափրիկէի առաքելական ճամբորդութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 2 դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, Ափրիկեան ցամաքամաս կատարած առաքելական ճամբորդութեան աւարտին` 25 -30 նոյեմբեր 2015,  վերսկսաւ իր սովորական գործունէութիւնը եւ ինչպէս ամէն չորեքշաբթի հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն եւ այս առթիւ արտասանած ճառը կեդրոնացուց ճիշտ Ափրիկեան ցամաքամաս կատարած առաքելական ճամբորդութեան վրայ։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, անցեալ օրերուն իմ առաջին առաքելական ճամբորդութիւնս կատարեցի Ափրիկէ։ Ափրիկէն գեղեցիկ է։ Գոհութիւն կը մատուցեմ Տիրոջ այս վսեմ շնորհքին համար որ ինծի թոյլ տուաւ այցելել երեք երկիրներ` Քենիան, Ուկանտան եւ Կեդրոնական Ափրիկէն։ Դարձեալ իմ երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ այդ երկիրներու քաղաքացիական իշխանութիւններուն եւ եպիսկոպոսներուն որոնք զիս ընկալեցին եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց որոնք զանազան ձեւերով իրենց սատարը բերին։ Սրտանց շնորհակալութիւն։ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ ակնարկեց առաքելական Ճամբորդութեան առաջին հանգրուանը հանդիսացող երկրին` Քենիային։ Քենիան լաւապէս կը ներկայացնէ մեր դարաշրջանի համաշխարհային մարտահրաւէրը` պահպանել արարչութիւնը վերատեսելով զարգացումի ձեւը` որպէսզի ան ըլլայ արդար, կայուն եւ ներառնող։ Այս մէկը կը բացայայտուի Նայրոպիի մէջ ուր հարստութիւնն ու խեղճութիւնը միատեղ կը կենակցին։ Այս մէկը մեծ գայթակղութիւն է ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ ակնարկեց այցելած վայրերէն` Բնապահպանութեան Միացեալ Ազգերու գրասենեակին ու Քենիայի մէջ հանդիպումներուն`  պատկան եւ դիւանագիտական իշխանութիւններուն հետ ինչպէս նաեւ ժողովրդական թաղամասերու բնակչութեան հետ։ Հանդիպեցայ զանազան դաւանանքներու կրօնապետերուն հետ ինչպէս նաեւ քահանաներուն ու կղերական դասին հետ եւ երիտասարդներուն հետ - ըսաւ Սրբազան Հայրը ու աւելցուց - Ամէն մէկ առիթով քաջալերեցի որ պահպանուին երկրին հարստութիւնները` ըլլան անոնք բնական կամ  հոգեւոր։ Սոյն բանակարգին մէջ ուրախութիւնը ունեցայ տանելու Յարուցեալ Յիսուսի յոյսի խօսքը ''եղէք հաստատ հաւատքի մէջ, մի վախնաք''։ Այս եղաւ նաեւ իմ այցելութեանս կարգախօսը։ Բառեր որոնք կ՛ապրուին հեզութեամբ եւ պարզութեամբ ամէն օր ազնուական արժանաւորութեամբ։ Խօսք մը որ ողբերգական եւ հերոսական կերպով վկայուեցաւ այն երիտասարդներուն կողմէ որոնք Կարիսսա Համալսարանին մէջ անցեալ 2 ապրիլին սպաննուեցան որովհետեւ Քրիստոնեայ էին։ Անոնց արիւնը խաղաղութեան եւ եղբայրութեան սերմ է Քենիայի, Ափրիկէի ու համայն Աշխարհի համար։

Ուկանտայի իմ այցելութեանս խորհրդանիշը հանդիսացան այդ երկրի նահատակները, անոնց` Պօղոս Զ քահանայապետի օրով կատարուած սրբադասումէն 50 տարիներ ետք, եւ ասոր համար Ուկնատայի այցելութեանս կարգախօսն էր` Եղէք իմ վկաներս (Առ Գործ 1,8)։ Կարգախօս մը որ կ՛ենթադրէ անոր կանխող խօսքեր ''Սուրբ Հոգին ձեզի պիտի պարգեւէ ուժ'', որովհետեւ Ան է որ կը խրախուսէ առաքեալներու սրտերն ու ձեռքերը։

Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց Ուկանտայի մէջ կրօնուսոյցներու կարեւոր դերին ինչպէս նաեւ իր այցելած վայրերուն ` Նալուքոլոնկոյի աղքատներուն` ողորմութեան տունը, ապա երիտասարդներուն հետ հանդիպումը եւ հանդիպում երկրին կղերական դասին հետ որոնց հրաւէր ուղղեց ամէն օր նորոգելու իրենց ''ամբողջական այոն Քրիստոսին'' եւ ուրախութեամբ նուիրուելու Աստուծոյ ժողովուրդի ծառայութեան։

Երրորդ հանգրուանը հանդիսացաւ Կեդրոնական Ափրիկէն, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը որ իմ դիտաւորութիւններուս առաջինն էր որովհետեւ այդ երկիրը կը փորձէ դուրս գալ բռնաբար հակամարտութենէ եւ բնակչութեան տառապանքէ յատկանշուած դժուար ժամանակաշրջանէ մը։ Ասոր համար ուզեցի այնտեղ Պանկիի մէջ, մէկ շաբաթ կանուխ կատարել Ողորմութեան Տարուայ Սուրբ Դուռին բացումը, որպէս հաւատքի եւ յոյսի նշան այդ ժողովուրդին համար եւ խորհրդանշական կերպով համայն Ափրիկէի բնակչութեան համար որ սփոփանքի կը կարօտի։

Յիսուսին հրաւէրը աշակերտներուն ''Անցնինք միւս ափը'' եղաւ Կեդրոնական Ափրիկէի այցելութեան կարգախօսը։ Անցնիլ միւս ափը քաղաքացիական իմաստով կը նշանակէ մեր ետին թողուլ պատերազմը, բաժանումը եւ խեղճութիւնը եւ ընտրել խաղաղութիւնը, հաշտութիւնն ու բարգաւաճումը։ Այս մէկը սակայն կ՛ենթադրէ նաեւ որ այս անցքը կատարուի նաեւ խիղճերու ներքոյ ու մարդոց վարուելակերպի եւ դիտաւորութիւններու մէջ։ Եւ այս առընչութեամբ կրօնական հասարակութիւններու սատարը հրամայական է։ Ասոր համար հանդիպում ունեցայ աւետարանական եւ մահմետական հասարակութիւններուն հետ, անոնց հետ բաժնեկցելով աղօթքը եւ խաղաղութեան ի սպաս յանձնառումը։ Քահանաներուն եւ նուիրեալ անձերուն ինչպէս նաեւ երիտասարդներուն հետ միասին ապրեցանք փորձառութիւնը Յարուցեալ Տիրոջ ներկայութեան, մեր հետ նաւակին մէջ վստահ ըլլալով որ ինքն է որ նաւը կ՛առաջնորդէ դէպի միւս ափը, ապա եզրափակիչ պատարագը Պանկիի մարզադաշտին մէջ, Սուրբ Անդրէասի տօնին առթիւ, որտեղ նորոգեցինք մեր յանձնառումը հետեւելու Յիսուսին` մեր Յոյսը, մեր խաղաղութիւնը, Աստուածային Ողորմութեան դիմագիծը։

Նորին Սրբութիւնը ապա յատուկէն յիշեց Ափրիկեան ցամաքամասին մէջ իրենց առաքելութիւնը մատուցող նուիրեալ անձերը, որոնք տարիներէ ի վեր իրենց կեանքը դրած են ի սպաս հասարակութեան ծառայութեան, ու նշեց ութսուն ամեայ մէկ Մայրապետի մը հետ իր ունեցած հանդիպումը հաստատելով թէ անոր վկայութիւնը եկեղեցւոյ վկայութիւնն է որ միայն լոկ խօսքմը չէ այլ կեանքի ապրելակերպ։

Սրբազան Հայրը ապա քաջալերանքի խօսք մը ուղղեց Ափրիկէի երիտասարդներուն  հրաւիրելով զանոնք երբեք չյուսահատելու եւ քաջութիւնը ունենալու Յիսուսի հետ միասին ''անցնելու լիճին միւս ափը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.